2015-06-21 10:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապը Թորինոյի մէջ` Սստուծոյ սէրը հաւատարիմ, վերստեղծող ու մնայուն է։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 21 յունիսին Թորինօ կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապը Թորինոյի ''Piazza Vittorio - Յաղթանակ''  հրապարակին վրայ գլխաւորեց համապատարագի սուրբ արարողութիւնը ու այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ  ըսաւ.  
''Յաւուր պատշաճի ընթերցումները, կը բացայայտեն թէ Աստուած ի՞նչպիսի սէր ունի մեզի հանդէպ. հաւատարիմ սէր, սէր մը որ ամէն բան կը վերստեղծէ` կը նորոգէ, կայուն ու ապահով սէր մըն է։
Նորին Սրբութիւնը իր քարոզին մէջ բացայայտեց Աստուծոյ սիրոյն երեք յատկութիւնները` հաւատարիմ սէր, վերստեղծող սէր եւ մնայուն ու ստոյգ սէր։
Սաղմոսը հրաւիրեց մեզ շնորհակալութիւն յայտնել Տիրոջ, որովհետեւ ''Անոր սէրը ցմիշտ է'' Անոր սէրը յուսախաբ չի թողուր։ Յիսուս կը մարմնացնէ այս սէրը։ Ան չի յոգնիր մեր բարիքը բաղձալէն, չի յոգնիր մեզ ներելէ ու մեզի ընկերանալէ մեր կեանքին ընթացքին։` ''Ես ձեզի հետ եմ ամէն օր` մինչեւ աշխարհի կատարածը''։ 
Պօղոս առաքեալը կը գրէ որ ''Յիսուս կը մնայ հաւատարիմ, որովհետեւ չի կրնար ինքզինք ուրանալ'' ու միշտ պատրաստ է ներելու մեզի։ Յիսուս ճշմարիտ դիմագիծն է բազումողորմ Աստուծոյ։
Երկրորդ յատկութիւնն է` Ամէն բան վերստեղծող Աստուծոյ սէրը, այսինքն ամէն բան կրկին նոր կը դարձնէ։ Ճանչնալ մեր սահմանները, տկարութիւնները, դուռն է Յիսուսի ներումին։ Փրկութիւնը սիրտը կը ներթափանցէ երբ մենք կը բացուինք ճշմարտութեան ու կը ճանչնանք մեր սխալները։ Յիսուս աշխարհ եկաւ ոչ առողջներուն համար այլ հիւանդներուն, ոչ արդարներուն, այլ մեղաւորներուն։ Աշխարհի ոգին միշտ նորութիւն կը փնտռէ, սակայն միմիայն Յիսուսի հաւատարմութիւնը կարող է իրագործել ճշմարիտ նորութիւնը ու կը դարձնէ մեզ ճշմարիտ մարդ։
Երրորդ յատկութիւնը`  Աստուծոյ սէրը կայուն է ու ապահով։ Յիսուս ասիկա ցոյց կու տայ երբ կը կատարէ հրաշքը սաստելով հողմին ու ծովուն ըսելով. ''հանդարտէ եւ լուռ կեցիր''։ Երկիւղը պատեց աշակերտները եւ իրարու կ'ըսէին. ''ո՞վ է ասիկա որուն նոյնիսկ հովն ու ծովը կը հնազանդին''։ Աշակերտներուն հաւատքի աչքերը կը բացուին։ Երբ մենք զմեզ անկարող զգանք, դիմենք Անոր։ Յիսուս միշտ մեր կողքին է, ձեռքը երկարած ու սիրտը բաց։ Բնաւ չմոռնանք Աստուծոյ հաւատարիմ ու ստոյգ սէրը։ 
Այս հողին վրայ ապրեցան բազմաթիւ սուրբեր ու երանելիներ, հետեւինք անոնց օրինակին ու վկայութեան։ Մենք եւս կարող ենք ապրիլ Աւետարանի ուրախութիւնը` գործադրելով գթասրտութիւնը, բաժնելով ուրիշներու դժուարութիւնները։ Ընտանիքները կարիքը ունին զգալու Եկեղեցւոյ մայրական գութը, յառաջ ընթանալու ամուսնական կեանքին մէջ, զաւակներու կրթութեան, ծերերու խնամատարութեան ու նոր սերունդին հաւատքի  հաղորդումի իրենց առաքելութեան մէջ։
Ինչպէս անցեալին Գալիլիոյ լիճին վրայ, այսօր եւս մեր կեանքի գոյութեան ծովուն մէջ, Յիսուս Այն է որ կը յաղթէ չարին` զօրութեան եւ յուսահատութեան սպառնալիքին։ Անոր տուած խաղաղութիւնը բոլորիս է, եւ նոյնիսկ այն բազմաթիւ եղբայրներուն ու քոյրերուն որոնք կը փախչին պատերազմէն ու հալածանքէն, փնտռելով խաղաղութիւն եւ ազատութիւն։
Սիրելիներ, ըսաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, երէկ տօնախմբեցիք Մխիթարիչ Ս. Կոյսին տօնը` Ան ճշմարիտ Մայր է։ Անոր յանձնենք մեր եկեղեցական ու քաղաքացիական ճանապարհը, Ան պիտի օգնէ մեզի Տիրոջ հետեւելու, Անոր հաւատարիմ մնալու, բարենորոգուելու ու հաստատ մնալու սիրոյ մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.